2012-11-05 14:04:08

14 Տարեկան Եգիպտացի Աղջիկ Մը Արեւանգուած Է Ու Բռնի Ոյժով Իսլամացած`։


Եգիպտոսի մանուկներու իրաւունքը պաշտպանող ընկերակցութիւնը դատ բացած է հանրապետութեան ատեանին առջեւ պահանջելով 14 տարեկան ղպտի աղջկայ մը տուն վերադարձը։ Ան բռնի ոյժով արեւանգուած է ու ստիպուած է իսլամանալ ու մահմետականի մը հետ ամուսնանալ ։
Եգիպտոսի մանուկներու իրաւունքը պաշտպանող ընկերակցութիւնը զգուշացուցած է այս քստմնելի արարքին հետեւանքներէն որ դաւանական միջբախումներու պատճառ կրնայ դառնալ։Ընկերակցութիւնը նաեւ յիշեցուցած է որ անչափահասին պարտադիր ամուսնութիւնը հակառակ է երկրի օրէնսդրութեան ու կը նկատուի որպէս սեռային շահագործում։








All the contents on this site are copyrighted ©.